2014-05-31 09:54:12

Լիբանան` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ նախագահի ընտրութիւն կատարելու։


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանին նախագահական ընտրութիւն կատարելու:
Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ իր զօրակցութիւնը, մինչեւ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն` գործակցելու միջազգային ընտանիքին հետ, եւ ընդգծեց թիւ 1701 բանաձեւին եւ չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.